2014-05-19 09:22:31

Շուֆի Պրիհ շրջանին մէջ ազգային հաշտութիւն` ներկայութեամբ Նախագահ Սլէյմանի եւ Ռայի Պատրիարքին։


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին ուղղուեցան Շուֆ, ուր անոնք ներկայ գտնուեցան Պրիհի մէջ տեղի ունեցած ազգային հաշտութեան, ներկայութեամբ` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, գաղթականներու հարցերու նախարար, դատաւոր Ալիս Շապթինիի եւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի:
Հաշտութեան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Ժոմպլաթ ըսաւ, որ նախագահ Սլէյմանի ներկայութեան այսօր կը փակեն Լեռնալիբանանի վերջին վէրքը` Պրիհը ու ապա դրուատեց նախագահ Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանին ընթացքին արձանագրուած նուաճումները:
Իր խօսքին մէջ, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Պրիհի այս հանդիպումը կ՛ընդգծէ լիբանանեան պետութեան սկզբունքները, որոնցմէ շեղիլը պիտի ըլլայ բացառութիւն եւ աղէտ, «հետեւաբար պէտք է կառչած մնալ սկզբունքներուն` երաշխաւորելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը», ըսաւ ան:
Իր կարգին Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Պրիհի հաշտութիւնը շարունակելու եւ հասնելու Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ հաշտութեան` իբրեւ հիմնական նպատակ:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նոր նախագահի մը, որ կը շարունակէ նախագահ Սլէյմանի ուղեգիծը:
Պրիհի հաշտութեան առիթով տեղի ունեցած պաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին ներկաները ուղղուեցան հիմնարկէքը կատարելու Մար Էլիաս եւ Մար Ժըրժես եկեղեցիներուն:
Նախագահ Սլէյման եւ Ռայի պատրիարքը Ժոմպլաթի ընկերակցութեամբ ապա ուղղուեցան Մուխթարա, ուր ներկայ գտնուեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչներ` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլն ու կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապը:
Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց Ժոմպլաթի կողմէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը, յատկապէս երբ յուլիսեան պատերազմին ինք լիբանանեան բանակի 15 հազար զինուոր առաջնորդած է դէպի հարաւային Լիբանան, ուր 36 տարի շարունակ բանակը ներկայութիւն չէ եղած:
Ժոմպլաթ դարձեալ ողջունեց նախագահ Սլէյմանը, որ կրցաւ Լիբանանը հարուածող զանազան փոթորիկներուն դէմ պայքարիլ եւ երկիրը փրկել. ան շեշտեց, որ Մուխթարա միշտ հաւատարիմ պիտի մնայ նախագահ Սլէյմանին եւ Լեռնալիբանանի բնակչութիւնը շնորհակալ ու յարգանքով պիտի մնայ անոր նկատմամբ:
Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոցին մէջ կարճ հանգիստէ մը ետք, նախագահ Սլէյման եւ Ռայի պատրիարքը ուղղուեցան Տէյր Քամար, ուր հիմնարկէքը կատարուեցաւ շրջանի կառավարական հիւանդանոցին:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Կիրակի 18 մաիսին Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ նախքան 25 մայիսը հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը Լիբանանը կրնայ դուրս բերել իր դիմագրաւած տագնապներէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.